Reconnecting to a radio station required

radioyeraz

radioyeraz
Like
report problem / update
Description
Ռատիօ Երազը Սուրիոյ առաջին առցանց հայկական ռատիօ կայանն է, որ սուրիահայութեան յատկապէս հալէպահայութեան, ձայնը կը հասցնէ աշխարհասփիւռ հայութեան՝ Հայաստանէն մինջեւ հեռաւոր ափեր՝ 2009-էն ի վեր: Մեր ծրագիրը կ՛ընդգրկէ Սուրիոյ գաղութային կեանքին վերաբերող մանրամասն հաղորդակցութիւններ, զանազան տօնակատարութիւններու եւ առիթներու ուղիղ սփռում, ինչպէս նաեւ մեր ունկնդիրներուն տեսակաւոր ճաշակները գոհացնող ծրագրեր: Մեր նպատակն է հասնիլ ամբողջ հայութեան՝ Հայաստան, Արցախ մինջեւ աշխարհի չորս ծագեր, սփռուած աւելի քան 50 երկիրներու մէջ գտնուող գաղութներ, լսելի դարձնել Սուրիահայութեան ձայնը, փոխանցել գաղութիս լուրերը ամենայն անաչառութեամբ մի՛շտ գոհացնելով մեր շատ սիրելի ունկնդիրներուն ճաշակը: Իր անդուլ աշխատանքին շնորհիւ Ռատիօ Երազը արժանացած է բազմաթիւ գնահատագրերու եւ մրցանակներու: 2013-ին Ռատիոն արժանացաւ Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայաստանի Ժուրնալիստների Միութեան» յայտարարած «Մեր հաւատամքը՝ պետականութիւն, միասնականութիւն եւ ազգային ինքնուրոյնութիւն», լրագրային լաւագոյն հրապարակումներու դափնեկիրի տիտղոսին: Radio Yeraz is the first Syrian-Armenian online radio station. We deliver the voice of Syrian-Armenians, specially from Aleppo to all Armenians around the world since 2009. Our broadcast includes extensive reports about the life of Syrian-Armenian society, reports and live broadcast of various cultural and social events and special celebrations. We also have a wide...
Website
Reviews and comments
Recommended